2017-02-21 08:19:00

Տօն Ս. Ղևոնդեանց քահանայից` նահատակներ (†454)։


Ս. Ղևոնդեանց քահանաներու անուան տակ կը ճանչցուին Յովսէփ կաթողիկոս, Սահակ եւ Թաթիկ եպիսկոպոսներ, Ղեւոնդ, Մուշէ, Արշէն, Սամուէլ քահանաներ, Քաջաջ եւ Աբրահամ սարկաւագներ եւ այլ հոգեւորականներ։

Ղեւոնդեանց քահանայից տօնը կը տօնուի Վարդանանց տօնի նախորդող Երեքշաբթի օրը, որ նաեւ տօնն է բոլոր քահանաներուն:

Պարսից Յազկերտ Բ. թագաւորը, Վարդանանց պատերազմէն ետք, Հայաստանի մէջ ապստամբական նոր խլրտումներ կանխարգիլելու համար, կարգ մը կասկածելի նախարարներու հետ հոգեւորականներն ալ արգելափակեց: 454-ի Քուշանաց դէմ պատերազմի պարտութենէն ետք, Յազկերտ թագաւորը արգելափակուածներէն իւրաքանչիւրը տարբեր ձեւով սպաննեց:

Ղեւոնդեանք հայ եկեղեցականութեան պարծանք ներշնչող սուրբերն են: Հայրենիքի եւ հաւատքի նկատմամբ նուիրումի գաղափարը Ղեւոնդեանք տուին իրենց անձնական օրինակով:

Սբ. Ղևոնդեանց քահանաներու յիշատակութեան  այս տարուայ տօնը կը զուգադիպի փետրուարի 21-ին:

Ս. Ղե­ւոնդ­եանց քա­հա­նա­նե­րը քա­ջա­յաղթ վկա­ներ էին, որոնք պայ­քա­րե­ցան քրիս­տո­ն­է­ա­կան հա­ւատ­քի պահ­պան­ման եւ հայ­րե­նի­քի անվ­տան­գու­թեան հա­մար: Անոնք անն­ուաճ կամ­քով եւ հաս­տա­տուն կեց­ուած­քով մեր­ժե­ցին կրօ­նա­փոխ ըլ­լալ, աւե­լին` մի­ա­նա­լով հա­յոց բա­նա­կին, արիու­թեամբ վճ­ռե­ցին մնալ հա­ւա­տա­րիմ կողմ­նա­կից­նե­րը Քրիս­տո­սի եւ ուխ­տա­պահ հա­յոր­դի­նե­րը Հա­յաս­տան աշ­խար­հի: Հա­յոց բա­նա­կին մղած պա­տե­րազ­մը կ՛ապա­ցու­ցէր, թէ կրօ­նա­սի­րու­թիւնն ու հայ­րե­նա­սի­րու­թիւնը պար­զա­պէս զգա­ցա­կան վի­ճակ չէր, այլ` խոր գի­տակ­ցու­թեամբ ար­տա­յայտ­ուած ապ­րե­լա­կերպ մը, հզօր ոյժ մը, որուն դի­մաց պի­տի տա­պա­լէր հա­ւա­տու­րա­ցու­թիւն պար­տադ­րող պարս­կա­կան բո­լոր տե­սա­կի սպառ­նա­լիք­նե­րը: 








All the contents on this site are copyrighted ©.